(NOR MARMARA)
ՀԱՆԳԻՍՏ
ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԷՔՃԵԱՆԻ
Այս առտու խոր ցաւով վերահասու եղանք թէ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ ի տէր հանգաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան։ Սրբազանը, որ քանի մը ամիս առաջ Գերմանիայէն Իսթանպուլ տեղափոխուած էր եւ իր վերջին հանգրուանը գտած Ազգային Հիւանդանոցի մէջ,
…