ՀԱՅՈՑ ՄՕԼԻԷՐԸ , ԵՐԳԻԾԱԿԱՆ ՀԱՆՃԱՐԸ ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ 133-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ԱՌԹԻՒ
Մայիսի 27-ին,պիտի լրանայ հայուն երգիծական հանճարը Յակոբ Պարոնեանի մահուան 133-րդ տարելիցը:
27 Մայիս 1891-ին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնուած եւ հիւծախտի (Թոքախտ) հետեւանքով ուժաքամ եղած՝ Պոլսոյ մէջ առյաւէտ փակուեցան աչքերը մեծ հայուն. 48 տարեկանին վաղաժամ եւ դժբախտ մահ ունեցաւ