![Dadyan (31)y - Copy]()
Ծանօթութիւններ
Տատեան Վարժարանի Մասին
Արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեան, որ զարգացած և մտաւորական անձնաւորութիւն մը եղած է, 1844ին Պաքըրգիւղի մէջ, Եկեղեցւոյ կից Արծրունեան անունով փայտաշէն դպրոց մը կառուցանել կուտայ: Վարժարանին առաջին վարժապետը կ՝ըլլայ Նիկողոս անուն անձ մը, որ մինչեւ 1870 թուականին կը վարէ այս պաշտօնը:
1892ին ժողովուրդին ալ օժանդակութեամբ Եկեղեցւոյ յարակից գետնի վրայ կը կառուցուի արդի քարուկիր շէնք մը ու ի յարգանս Տատեան բարերար գերադաստանին կը կոչուի Տատեան երկսեռ վարժարան:
1958-59 տարեշրջանին Տատեան նախակրթարանը կը վերածուի Միջնակարգի օրուան Թաղային Խորհրդոյ, Տնօրէնութեան և ծնողներու փափաքին համաձայն: 1960-61 տարեշրջանին կուտայ իր առաջին հունձքը:
Վարժարանի առաջին հիմնադիրը կ՝ըլլայ Տիար Օհան Տէր Ոսկի 1920-30 ական թուականներու միջեւ: Յաջորդական տարիներուն՝
Տիար Գէորգ Իւթիւճեան
Տիար Յակոբ Քիւչիւք Յակոբեան
Տօքթ. Յարութիւն Քէրէսթէճեան
Տօքթ. Ատամնաբոյժ Վարդ Պալապան
Տիար Մարտիկ Կիւրեղեան
Առժամաբար Վահրամ Բապուճճեան
Առժամաբար Խորէն Մանավեան
Արթօ Օգշայեան
Յարութիւն Էօզչէլիք (1996-2003)
Ղուկաս Աղպուլութ (2003-2012)
Արսէն Արշըք (2012-2017)
Մարի Եանճը (2017-…)
2018-2019 տարեշրջանին աշակրտութեան թիւն է՝
Մանկապարտէզ Մանչ + Աղջիկ = 42 + 44 =86
Նախակրթարան Մանչ + Աղջիկ = 85 +60 =145
Միջնակարգ Մանչ + Աղջիկ =73 + 69 = 142
Գումար= 200 +173 = 373
Պաշտօնավարող Ուսուցիչ-Ուսուցչուհիներ՝
Տնօրէնուհի – Ալիս Պայրամ
Փոխ Տնօրէն – Մէհմէտ Կէօքչիւօղլու
Ուսուցչաց Կազմ- 53 հոգի
Քարտուղարուհի – 3 հոգի
Պաշտօնեայ – 13 հոգի
Պաքըրգիւղի Ծն.Ս.Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը կը բաղկանայ 11 անդամներէ:
Ատենապէտն է՝ Պրն. Մէսուտ Էօզտէմիր
Վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետն է՝ Երուանդ Սըվաճըօղլու
Թաղային Խորհրդոյ հովանաւորութեան տակ կը գործէ Աղքատախնամ Մարմինը և Տատեան Ս.Միութիւնը
Կարեւոր
2002 թուականին Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Վարդան Էրքօլի ու իր գործակից ընկերներուն և վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ղուկաս Աղպուլութի տքնաջան ջանքերով Տատեան Վարժարանը ի հիմանէ նորոգուեցաւ և 2003-2004 տարեշրջանին իր դռները բացաւ նոր դիմագծութեամբ:
19 Նոյեմբեր 2012 թուականին Պաքըրգիւղի նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէնի ձեռամբ կը ստացուի նորակառոյց շէնքի արտօնագիրը: Թաղային Խորհրդոյ ատենապետ Մէսուտ Էօզտէմիրի, ճարտարապետ Նուպար Մանավեանի ու շինութեան աշխատանքի գլխաւոր խորհրդատու ճարտարագէտ Նազար Պինաթլըի ու շնորհիւ յարգելի բարերարներու աչքառու նիւթական օժանդակութեամբ նորակառոյց շէնքը 2015-2016 տարեշրջանին իր գիրկը կը բանայ Տատեանի սիրասուն աշակերտներուն:
Կարեւոր
1994 ին լոյս տեսաւ վարժարանի հիմնարկութեան 150 ամեակի ձօնուած Յուշամատեանը, որուն մէջ տեղ գրաւած են մանրամասն տեղեկութիւններ:
1994 թուկանէն ետք Տնօրէնուհիներ՝
Ովսաննա Պալըմեան (1981-2003)
Հերմինէ Պէնլիօղլու (2003-2010)
Ալիս Պայրամ (2010-…)
Տատեան Վարժարանի Հիմնարկութեան 175 ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւններ
13 Փետրուար 2018 թուականին տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը որուն նպատակն էր կազմել կարգադիր յանձնախումբ մը:
Ատենապետուհի ընտրուեցաւ Հերմինէ Պէնլիօղլու, Բ.Ատենապետուհի Ալիս Պայրամ:
Յոբելենական գործունէութիւնները սկսան՝
-
8 և 9 Դեկտեմբեր 2018 Եկեղեցւոյ օծում և պաշտամունքի վերաբացում
-
16 Դեկտեմբեր 2018 Արմենուհի Թոռունեանի
24 Փետրուար 2019 Շաքէ Յակոբեանի
19 Մայիս 2019 Էլիզ Մանասի
Շիրիմներու այցելութիւն և շիրմաքարերու զետեղում
-
12 Փետրուար 2019
Պօղազիչի Թատերական Յանձնախումբի դերասաններու կողմէ «Զապէլ»ի անուան ձօնուած թատերական ներկայացում
-
21 Փետրուար 2019
Միջմիութենական արտասանութեան մրցում
-
4-8 Մարտ 2019
Միջվարժարանային մարզական մրցումներ
-
2 Ապրիլ 2019
Թուրկայ Թունայի կողմէ բանախօսութիւն (Յովհաննէս Պէյ Տատեանի և Տատեան գերդաստանի ձօնուած
-
30 Ապրիլ 2019
Երաժշտահանդէս «Խնջոյք՝ Երփներանգ Երգերու»
-
7 Մայիս 2019
Սասունցիներու Պարը
Հայաստանցի 60 հոգինոց արուեստագէտներու խումբին կողմէ (մասնաւոր հրաւէրով Իսթանպուլ եկան ու բոլոր ծախսերը դիմագրաւուեցան Թաղային Խորկրդոյ և նուիրատու բարերարներու կողմէ)
-
19 Մարտ 2019
Տատեանցիներու Օր
27 Մայիս 2019
Տատեան Վարժարանի աշակերտներու կողմէ Երգի ու Պարի հանդիսութիւն
Հոկտեմբերի մէջ
Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150 ամեակի ձօնուած ներկայացում
Նոյեմբերի մէջ
Մամուլի Օր և Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւն
Դեկտեմբերի մէջ
Փակման հանդիսութիւններ
Մինչ այդ վարժարանի հիմնարկութեան 175 ամեակին առթիւ Յուշամատեանի աշխատանք կը տարուի:
Մեծայարգ
Պրն. Յակոբ Ծերունեան
Յոբելենական նշանակալից հանգրուանին առիթով, վստահ ենք թէ ինչպէս անցեալին, այս օրերուն ալ որպէս նուիրեալ ազգային գործիչ ու Տատեանցի երախտագէտ սան, սիրայօժար պիտի փափաքիք բերել Ձեր օժանդակութիւնն ու աջակցութիւնը արտասահմանի Տատեանցի պատուարժան սաներու և համակիրներու հետ համախորհուրդ:
Այս առթիւ հաճեցէք ընդունիլ մեր կանխայայտ շնորհակալութիւններն ու խորին յարգանքները:
Կարգադիր Յանձնախումբ
175 ամեակի
|
|